2015-09-23 09:55:00

Անարատ Յղութեան ազգային սրբավայրը` Միացեալ Նահանգներու պաշտպան Սրբուհի։


1847-ին, Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսներու խնդրանքին ընդառաջելով, Պիոս Թ. Քահանայապետ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպան սրբուհի հռչակած է  Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյս Մարիամը։

ԱՄՆ-ի կաթողիկէ համալսարանի տեսուչ՝ գերապայծառ Թոմաս Շահան, 1913-ին,Վատիկանի մէջ, Պիոս Ժ. Պապին հետ ունեցած առանձին հանդիպումի ընթացին, Պապին ներկայայուցած է` Տիրամօր նուիրուած ազգային սրբավայրի կառուցման ծրագիրը։ Սրբազան Հայրը ողջունելով եպիսկոպսին ծրագիրը, 400 հազար ամերիկեան տոլար նուիրած է սրբավայրի կառուցման համար։ Սրբավայրի կառուցման առաջին քարը զետեղուած է 23 սեպտեմբեր 1920ին։ 1929-ին, համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով, դադրած են սրբավայրին կառուցման աշխատանքները եւ վերստին սկսած են 1954-ին, շնորհիւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսաց դասի ջանքերուն։

Եկեղեցւոյ օծման եւ բացման արարողութիւնը կատարուած է 20 նոյեմբեր 1959-ին։ Նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապի Անարարտ Յղութեան սրբվայրի այցելութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետ այցելած է սրբավայրը 7 հոկտեմբեր 1979-ին, եւ ապա Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետ՝ 16 ապրիլ 2008-ին։

Ուաշինկթընի եկեղեցական թեմը։

Նշենք թէ Ուաշինկթընի եկեղեցական թեմը` ունի 5447 քմ տարածք  եւ 2  միլիոն 867 հազարէ աւելի  բնակչութիւն որոնց 22 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Թեմը ունի 139 ժողովրդապետութիւններ եւ մէկ  միսիոներական կայան, ուր կը գործեն 406 թեմական քահանաներ, 405 կրօնաւոր քահանաներ, 660 կրօնաւոր եղբայրներ, 489 կրօնաւորուհիներ, 265 մնայուն սարկաւագներ եւ 76 աւագ նորընծաներ։ Թեմը կը մատակարարէ 149 դաստիարակչական կեդրոններ եւ 108 բարեգործական հաստատութիւններ։ Թեմին Արքեպիսկոպոսն է Կարդինալ Տոնալտ Ուիլիամ Վերլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.